2016-04-05 10:05:00

Պրազիլի եպիսկոպոսներու 54-րդ լիանիստ ժողովը` ''աշխարհականներուն առաքելութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Աշխարհական քրիստոնեաներու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ՝ երկրի աղ ու աշխարհի լոյս՝՝ այս է նիւթը Պրազիլի եպիսկոպոսներու 54-րդ լիանիստ ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Aparecida-ի մէջ 6-15 Ապրիլ 2016։ Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար` գերապայծառ Leonardo Steiner, այս առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ կը գրէ ''մեր աշխարհականները, կնքուած եղբայրները, յոյժ կարեւոր դեր մը ունին եկեղեցւոյ մէջ, յանուն մկրտութեամբ ստացած կոչումին։ Այդ պատճառաւ անոնք հրաւիրուած են ըլլալու վկաները խաչեցեալ եւ ապա Յարուցեալ Քրիստոսի։ Աշխարհականներու առաքելութիւնն է նախ եւ առաջ գօտեպնդել հասարակութիւնը, հովիւներու տուած ուղղութեան համաձայն։ Այս պատճառաւ, ողորմութեան ս. Տարւոյն ընթացքին, աշխարհականները կանչուած են ողորմութիւնը ու մխիթարութիւնը տանելու կարօտեալներուն եւ ընչազուրկներուն''։

Լիանիտ գումարին ընթացքին ժողովականները  պիտի խորհրդածեն նաեւ ծէսին մասին ու ծէսի դէրին մասին` եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Պրազիլի քաղաքա-ընկերային իրավիճակին մասին ու եկեղեցական գետնի վրայ տեղի ունեցած յեղաշրջումներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.